Ամէնքիս Կենաց Տունը

1991թ 4 հունվարի

Վաղուց կը խօսուի հաշմանդամ երեխաները հասարակութեան մէջ ներգրաւելու, անոնց դրսևորուելու հնարաւորութիւններ ընձեռնելու մասին, սակայն խօսքին ոգևորութիւնը միշտ չէ, որ կը վերափոխուի գործի։ Վարանումն ու աւելորդ զգուշաւորութիւնը կը խոչընդոտեն, սակայն կան կազմակերպութիւններ, որոնք գործնական քայլեր կ’առնեն օգտակար շփումներու ուղղութեամբ։ Անոնցմէ է «Կենաց տուն» հասարակական կազմակերպութիւնը։

            Վերջերս, ազգային պատկերասրահին մէջ, բացուեցաւ բազմաբովանդակ, հետաքրքրական ու գունեղ ցուցահանդէս մը, որ ծնած է հաշմանդամ և կարիքաւոր երեխաներու համար «Կենաց տան» կազմակերպուած արուեստի (հիմնականօրէն՝ ժողովրդական կիրառական) 7 ուղղութիւններու դասընթացքներուն շնորհիւ։ Կազմակերպութեան ղեկավար, ժողովրդական վարպետ Վանօ Դադոյեանի նախաձեռնութիւնը, որ հովանաւորուած է «Բաց հասարակութեան ինստիտուտի օժանդակութեան» հիմնադրամին կողմէ, տաս-ամսուայ ժամկէտի մէջ, մեծ յաջողութիւններ արձանագրեց։

9-20 տարեկան 70 երեխաներ՝ 35-ը հաշմանդամ, 35-ը առողջ, կերպարուեստի, քանդակի, ձեռագործութեան, ժանեակի, խեցեգործութեան, կարուձևի ու ոսկերչութեան այնպիսի բարձրաճաշակ, նուրբ ընկալման ու կատարման աշխատանքներ ներկայացուցած են, որ շատ անգամ, կը թուի թէ վարպետի ձեռքի կնիք ունին։ Լևոն Մինասեանի (9 տ․), Դաւիթ Յովհաննիսեանի (12 տ․) և Արտակ Առաքելեանի (9 տ․) Խեցեղէն աշխատանքները ազգային հիմքի վրայ բարձրացող նրբագեղութիւն և որակ կը դրսևորեն, պատերուն փակցուած բազմազան ժանեակները, կարպետագործ պայուսակները, դգալնոցները, կաւէ դիմակները, մանկական գունազարդ հագուստներն ու նկարները շատ անգամ, կը թուին թէ յատուկ արուեստանոցներու աշխատանքներ են։

            «Երեխաներէն շատերը հիւանդ էին, բայց անոնց հոգին՝ ստեղծագործելու համար առողջ էր։ Անոնցմէ ոմանք՝ խուլ ու համր, վերջոյթներու դժուար կառավարելիութեամբ և նոյնիսկ՝ մտաւոր յետամնաց, այնքան դիւրին մտան կիրառական արուեստի աշխարհ և այնքան անմնացորդ նուիրուեցան գործին, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ իւրացուցին յանձնարարուող նիւթն ու ստեղծեցին հետաքրքրական աշխատանքներ։ Կարևորը՝ բոլորը դիւրութեամբ վարժուեցան իրարու ու շփման հրաշալի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, ուր անբնական ոչինչ կար», – կը պատմէ Վ․ Դադոյեանը։ – Երեխաները, ըստ ամենայնի, աւելի դիւրին կը մտնեն բնական հաղորդակցման մէջ, աւելի շատ սրտացաւութիւն կը դրսևորեն իրարու հանդէպ, և մենք՝ մեծերս, անոնցմէ սորվելու շատ բան ունինք։

Կազմակերպութեան ղեկավարէն կը տեղեկանանք, որ նախանցեալ տարի Գերմանիոյ մէջ եւ անցեալ տարի Ճաբոնիոյ մէջ կազմակերպած իրենց ցուցահանդէսները մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած են։ Դրական արձագանգներէն զատ, Ճաբոնական ընկերութիւն մը, յատուկ նուէրներ ուղարկեց երեխաներուն՝ հիանալով անոնց մտքի ու ձեռքի ստեղծագործութեան․․․ ․․․ Այս ցուցահանդէսի բացման օրը, դասընթացքներու վկայականներուն հետ, այդ նուէրները նոյնպէս բաժնուեցան երեխաներուն և մեծ ոգևորութիւն յառաջացաւ։ Գնահատուած ըլլալու զգացումը անոնց նոր լիցք ու աշխուժութիւն հաղորդեց ու թէև ծրագիրը աւարտած է, ուսուցչական կազմը որոշած է մէկ-երկու ամիսէն դարձեալ շարունակել դասաւանդումը։

Տեղին է թուարկել «Կենաց տան» մասնագէտներուն անունները․ Կարեն Մկրտչեան (կերպարուեստ), Գագիկ Ղազարեան (քանդակ), Էլլա Պեպանեան (խեցեգործութիւն), Լալա Մնէեան (կարպետագործութիւն), Սոֆիա Գալֆայեան (ժանեակ), Արմէն Իսաջանեան (ոսկերչութիւն), Էլմիրա Գինովեան (կարուձև), որոնք մասնագիտական կարողութիւններէն զատ հոգեբանական լուրջ աշխատանք կը ծաւալեն՝ իւրաքանչիւր երեխայի հակումները գտնելու ։

Սոցիալական խնդիրներ լուծելու տեսակէտէն ալ «Կենաց տունը» լուրջ մտահոգութիւններ ունի։ Իւրաքանչիւր այսպիսի ցուցահանդէս՝ վերջաւորութեան ակամաօրէն կը վերածուի ցուցահանդէս-վաճառքի և երեխաները կը խրախուսուին թէկուզ խորհրդանշական, բայց սեփական վաստակով եւ կը համակուին աշխատելու ցանկութեամբ։

Կազմակերպուող շրջիկ դասախօսութիւնները, Սպիտակի մէջ բացուած արուեստի դպրոցը, տնայնագործութեան կազմակերպման միջոցով աշխատատեղերու ստեղծումը, կիրառական արուեստի նմուշներու արտադրութիւնը այն լուրջ հիմքերն են, որոնց վրայ իսկապէս կարելի կ’ըլլայ կրկին բարձրացնել, երկար ժամանակ մոռացութեան տրուած, ժողովրդական արուեստի մեր հարուստ աւանդոյթները։

««Ծրագիրը շարունակելու պարագային հեռանկարները աւելի ու աւելի կ’ընդարձակին,- կ’ըսէ Վ․ Դադոյեանը։ – Արդէն կսկսինք մտածել մշակութային փառատօներու, տօնահանդէսներու ու գիտաժողովներու կազմակերպման մասին, հանրակրթական ու բարձրագոյն դպրոցներ ունենալու շուրջ։ Հետևողական աշխատանքը ապագային շատ բան կը յստակացնէ։ Մենք կը սպասենք նաև մեր հասարակութեան արձագանգներուն»։

Յուսանք, որ գեղեցիկի աւանդապաշտ այս վերազարթօնքը անտարբեր չի թողուր ոչ մէկիս։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *