Աջակցելով վշտաբեկ սրտերուն…

Մեր կեանքը զարմանալի պայքար մըն է երջանկութեան ու տառապանքի միջեւ։ Ցաւալի է սակայն, որ մենք այդպէս ալ չենք յաջողիր տառապանքը վերափոխել սրբագործուած հերոսապատումի։ Ասիկա խնդիր մըն է, որուն լուծումը կարելի է գտնել մի միայն համակարգուած գործողութեան շնորհիւ։ Չէ՞ որ այդ տառապանքը, ակօսելով մեր սրտերը, մեզի կը կապէ բիւր հազարաւոր հերոսական սիրտերու հետ, որոնք կը միաւորուին մէկ միասնական կերպարի՝ հայոց վիպերգի ծուռ Դաւիթին մէջ։

Կը գիտակցի՞նք արդեօք մենք վերջին պատերազմին հերոսացած զինուորներուն անտեսանելի կապը ժողովուրդին էպիքական հերոսներուն հետ, երբ կը փորձենք սփոփել անամօք ցաւով տառապող անոնց ծնողներն ու հարազատները: Կը գիտակցի՞նք արդեօք, որ մեր միասնական սիրտը ակօսող անհուն վիշտը դոյզն-ինչ ամօքելու համար մենք պէտք է ոգեկոչենք բոլոր այդ հերոսները, արժեւորենք անոնց հերոսութիւնը, հող նախապատրաստենք նոր հերոսներու ծնունդին համար եւ թոյլ չտանք, որ ծուռ Դաւիթին հետ կապը երբեւէ կտրուի…

Վերջապէս, Հայաստանի ու բովանդակ աշխարհի հայութիւնը կը գիտակցի՞, որ հայրենիքին կործանումը կասեցնելն ու կորսնցուցածը վերադարձնելն են հայուն յարատեւութեան գրաւականը։ Ազգային կամ քաղաքական մնացեալ օրակարգերը ոչինչ պիտի փոխեն եւ նորէն պիտի մնանք հարիւր տարուան կոտրած տաշտակին առջեւ։

Վշտակցելով ու զօրակցելով մեր բոլոր որդեկորոյս մայրերուն՝ կը ցանկամ, որ այդ ցաւէն ծնած տիեզերական անմեկնելի զօրութիւնը անպայմանօրէն ուղղորդուի մեր տառապեալ ու բզկտուած ազգին միաւորման։ Պատրաստուինք վերջապէս գործադրելու մեր հաւաքական ուժը՝ հաւատալով, որ միայն այդպէս կարելի է մեծ ու հզօր յաղթանակներ կերտել եւ ապահովել հայուն յարատեւ գոյութիւնը այս արեւին տակ:

Հազար ողորմի մեր հերոս զաւակներուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *