Ասիկա վերլուծական է՝ ծնունդ առած մեր դժնդակ օրերու մասին խոհերէն: Դժնդակ, քանի որ այժմ մեր ողջ ազգը կը գտնուի ընկճախտի եւ անյուսութեան տիրոյթին մէջ, որմէ դուրս գալու ելքեր կը փնտռեն գրեթէ բոլորը։ Բացասական միտքերը կը տարածուին բերնէ բերան ու դարձած են խանգարող գերան: Հիմնական հարցը այն է, թէ այդ գերանները կրնա՞ն արդեօք միաւորուիլ ու կամուրջ դառնալ այն անդունդին վրայ, որուն մեզ հասցուցած են ապիկար իշխանութիւնները, մասամբ նաեւ մեր բոլորին մեղքով։ Սակայն, անկախ այն բանէն, թէ որքան խոր ըլլայ այդ անդունդը կամ հորը, նոյնիսկ եթէ ողջ աշխարհն ալ մեր դէմ ելլէ, ես համոզուած եմ, որ հորէն դուրս գալու կարելիութիւն կայ: Յիշենք, որ մեր հերոսները երկար չեն մնար հորին մէջ, թէկուզ «քառսուն ջաղչի քարով» ծածկուած ըլլայ անիկա։ Յիշենք, թէ ինչպէս զօրաւոր խօսքին շնորհիւ Դաւիթը դուրս եկաւ հորէն եւ, նոյն ձեւով անսալով խրատական խօսքին, յաղթեց թշնամիին։ Ատիկա սովորական խրատ չէ, այլ ծերունիի կամ պառաւի շուրթերէն հնչող եւ ժողովուրդին իմաստութիւնը իր մէջ խտացուցած ու զտած խօսք՝ ուղղուած յատկապէս պատանիներուն ու երիտասարդութեան՝ անոնց յաղթական ուժ փոխանցելու նպատակով։
Իսկ ո՞րն է այդ զօրաւոր խօսքը մեր օրերուն: Անոր ականջալուր ըլլալու համար նախ պէտք է յիշել, որ մեր մշակոյթը յառաջդիմական է ու նորարարական, իսկ մեր ծերացած այրերն ու միջին սերունդի անյաջող գործիչները ինքնակամ պէտք է հեռանան մեր շահերը չներկայացնող իշխանաւորներուն հետ։ Ասիկա անխուսափելի պահանջք է եւ մեր բզկտուած տնտեսութիւնն ու պետական կարգը վերականգնելու նախապայման։ Ասիկա միակ օրակարգն է, որ կրնայ միաւորել ազգին բոլոր առողջ ուժերը։ Անկէ ետք միայն կարելի կ’ըլլայ մեր ազգին համար տեսանելի ու կիրառելի եւ աշխարհին համար ընդունելի լուծումներ առաջադրել։ Փորձեմ ձեւակերպել այդ ուղղութեամբ առաջին քայլերը: Այսպէս.
- Ազատիլ այս հայհոյական ու թշնամական գոռում-գոչիւնէն: Եթէ իրականութեան մէջ այդ եօթը յարկանի հայհոյանքէն օգուտ ըլլար, մենք այսօր այսքան հակադիր ու պառակտուած չէինք ըլլար։
- Հարկաւոր է ձեւաւորել նոր օրակարգ՝ առանց ասոր-անոր պոչէն կառչելու, որ վստահաբար անհեռանկար ու վտանգաւոր է վերջաւորութեան կրկին պոչին մասը կամ որ նոյնն է՝ կեղտին մեջ յայտնուելու առումով։
- Մեր բոլոր յոյզերը, տխրութիւնը, սգակիր վիշտն ու մտորումները պէտք է վերափոխենք դրական ու լուսաւոր էներգիայի (զօրութեան), քանզի մեր ինքնութեան գումարելին դրական մոտիւացիաներու (շարժառիթներու) վրայ հիմնուած է, եւ միայն այս ճանապարհով կարելի է գործադրել մեր Աստուածատուր հաւաքական զօրաւոր ներուժը։
- Համահայկական առողջ ուժերով ձեւաւորենք մեր ազգային պետութեան տեսլականը, առանց որուն կարելի չէ ազատիլ այս կազմալուծուած ու խմբային շահերու սպասարկու պետական եւ կուսակցական սպառած կառոյցներէն։
Այս քայլերէն ետք միայն կարելի կ’ըլլայ խօսիլ համահայկական ներուժի արդիւնաւէտ գործադրման մասին՝ իր երեք բաղադրիչներուն՝ նիւթական, մտաւոր եւ հոգեւոր բոլոր դրսեւորումներով։
Քաղաքական ու գործնական հետագայ քայլերը աւելի խորութեամբ կը ներկայացնենք, երբ վերլուծենք մեր բազմաթիւ հանդիպումներու ու քննարկումներու արդիւնքները։ Բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են ազգային պետութեան ձեւաւորման խնդիրներով, սակայն որոնց առայժմ չենք հանդիպած, կրնան ազատօրէն հանդէս գալ առաջարկներով, որոնք սիրով կը լուսաբանենք։ Բարին բոլորին հետ: