Ես՝ Վանօ Դադոյեանս, ժամանակաւորապէս կը խոնարհեմ իմ բազմաբնոյթ «ես»-երուն գլուխները՝ ի նպաստ ազգային համախմբման։
Այսօր անթիւ ու անհամար նախաձեռնութիւններ ու կուսակցութիւններ համախմբման կոչ կ’ընեն, սակայն այդպէս ալ տեղի չ’ունենար։ Բայց եթէ այդ խումբերէն իւրաքանչիւրին մէջ գոնէ տասը մարդ ըլլայ, որ իսկապէս պատրաստ է համախմբման, ապա պարտաւոր է կազմակերպուած կերպով փողոց ելլել: Մօտաւոր հաշուարկով այդ մարդոց թիւը տասը հազար կը կազմէ [10×1000], եւ այդ շարժումը կրնայ մեծ թափ հաւաքել։ Այս պահուն աս է մեր ցաւոտ խնդիրներուն եւ ընտրութիւններուն յաղթելու միակ ճանապարհը։
Յիշեցնեմ, որ այժմ մեր խնդիրները այն աստիճան բարդացած են, որ անոնք մի միայն համահայկական միասնականութեամբ կրնանք լուծել։ Մենք պէտք է հասկնանք, որ այս ընտրութիւնները չեն կրնար նպաստել մեր ազգին առջեւ ծառացած գերխնդիրներուն լուծման՝ շատ պարզ պատճառով: Միայն Հայաստանի մէջ ապրող հայերը կը կազմեն ողջ հայութեան մէկ հինգերորդ մասը, մինչդեռ հողն ու հայրենիքը կը պատկանին ողջ հայութեան, ուստի հողին ու հայրենիքին հարցերը նոյնպէս ողջ հայութեանն են։ Այժմ ժամն է իրակա՛ն համախմբման: Մեր սրբազան հայրենիքը վտանգուած է, միասին դուրս գանք անցեալի ու ներկայի համակարգերէն, որոնք ոչ թէ նպաստեցին մեր ներուժը գործադրելուն, այլ փոշիացրուցին զայն։
Մեր առաջնահերթ խնդիրն է՝ համախմբուիլ մեր արժեհամակարգին շուրջ: Այդ սկզբունքին վրայ կազմաւորուող պետական համակարգը կրնայ լուծել հայութեան խնդիրները եւ ապահովել մեր պատուաւոր տեղը համաշխարհային գործընթացներուն մէջ:
Այլեւս մի՛ վարանիր, միացի՛ր։
Վանօ Դադոյեան