Զարմանալի իրավիճակի մէջ յայտնուած ենք: Կը թուի, թէ անկումը կը դանդաղի, սակայն ակնյայտ է, որ դեռ շատ խութեր ու չլուծուած հարցեր կան: Ուստի մեզի անհրաժեշտ է գտնել այն յենակէտը, ուրկէ կը սկսի վերելքը: Ամենակարեւոր յենակէտը ողջ հայութեան գիտակցութեան փոփոխութիւնն է եւ այս շատ կարեւոր գաղափարը ներշնչել, որ այս երեսուն տարուան ընթացքին գրեթէ ոչինչ ըրած ենք մեր նշանակալի ու դարակազմիկ յաղթանակին հաստատագրման համար։ Մոռցած ենք, որ մեր նախնիները յաղթանակը կ’ամրագրէին եռաշերտ մակարդակով։
Առաջին մակարդակը նիւթական յաղթանակն է, որ մեր հերոս տղաքը ապահովեցին միասնական կամքով, նուիրական ջանքերով ու անձնազոհութեամբ: Երկրորդ մակարդակի վրայ պիտի ամրագրէինք մեր մտաւոր յաղթանակը՝ օգտագործելով մեր մշակութային, դիւանագիտական եւ հոգեւոր բոլոր կառոյցները: Ցաւօք, հոս մեծ բացթողում մը ունեցանք՝ տրուելով մանիպուլյատիւ (խարդախ) ու անհեռատես գործողութիւններու: Երրորդ՝ հոգեւոր յաղթանակը լիովին բարձիթողի վիճակի մէջ է: Հոս տեղին է համեմատութիւնը մեր վիպերգի այն դրուագին հետ, երբ Դաւիթը կը յաղթէ Մելիքին իր վերջին զօրաւոր զարկով, ազատութիւն կու տայ Մելիքի զինուորներուն, որոնք անմիջապէս միակամ կ’օրհնեն Դաւիթը՝ ընդունելով զայն որպէս ընդհանուր ազատարարի ու խախտած համակարգը խափանողի։ Մենք եւս ունէինք այդ հնարաւորութիւնը, եթէ հաշուի առնենք բռնապետական համակարգի եւ բազմաթիւ ճնշուած ազգութիւններու առկայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ: Սակայն մենք ցաւալիօրէն բաց թողեցինք մեր հնարաւորութիւնը եւ, ընդհակառակը, անդէմ ու անկամ քայլեր առինք, որոնք, դժուար է ըսել, գիտակցուա՞ծ էին, թէ անտեղեակութեան հետեւանք։
Ահա այս ամէնը յանգեցուց այսքան ցաւալի, բայցեւ կանխատեսելի իրողութեան։ Այժմ միակ հնարաւորութիւնը համահայկական ամբողջ ուժերու համադրմամբ իրական ու միասնական նպատակներ գեներացնելն (զարգացնելն)է՝ մոռնալով արտերկրի եւ հայաստանցի հայերու միջեւ ստեղծուած անիմաստ ու արհեստական անջրպետը. չէ՞ որ մենք մէկ ազգ ենք եւ մեր խնդիրները պարտաւոր ենք լուծել միասնաբար։
Թէեւ այս գիտակցումը կամաց-կամաց օրակարգային կը դառնայ, եւ բոլորը կը խօսին միասնութենէն ու միասնական ճակատ ձեւաւորելէն, սակայն, զարմանալիօրէն, տեղի կ’ունենայ ճիշդ հակառակը՝ ի յայտ կու գան նորանոր խումբեր ու կուսակցութիւններ։ Ասոր պատճառը բազմաշերտ է, սակայն առաջին հերթին կ’ուզնեմ նշել մեր բոլորին չափազանց անձնաւորուած, տրոհուած ըլլալն ու տարբեր գաղափարաբանութեամբ առաջնորդուիլը: Կարեւոր պատճառ է նաեւ տարբեր ուժերու կողմէ խոչընդոտներու միտումնաւոր ստեղծումը՝ յանուն իրենց գերշահերուն: Վերջապէս, պէտք է խոստովանիլ, որ մենք վաղուց ի վեր կորսնցուցած ենք մեր հոգեւոր ու քաղաքակրթական լուսաւոր առաքելութիւնը։
Պատճառներու ու ելքերու մասին աւելի հանգամանալից՝ յառաջիկային: Իսկ մինչ այդ կը ցանկայի իմանալ ձեր կարծիքներն ու տեսակէտերը: