Երաժշտագէտ, խմբավար, «Սպեղանի» երգչախումբի հիմնադիր եւ խմբավար, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասախօս, Պ. Չայքովսկիի անուան դպրոցի դասատու եւ խմբավար: Աշխարհի տարբեր երկիրներու բազմաթիւ հեղինակաւոր մրցոյթներու դափնեկիր է, հայ երաժշտական մտածողութեան հիմքի վրայ դասաւանդման նոր մեթոտիքայի հեղինակ: Կազմակերպած եւ իրականացուցած է նաեւ երաժշտական 3 խոշոր նախագիծ Շուշիի մէջ, ներկայացնելով հայ քոմբոզիթորներու օփերաներու բրեմիէրան (Սասունցի Դաւիթ, Կրակէ շապիկ, Արծուաբերդ):