Ինչ որ հիմա պիտի ըսեմ, առաջին հերթին ինծի՛ կը վերաբերի, նաեւ՝ ընթերցողին, բայց, իմ կարծիքով, աւելի շատ ուղղուած է քաղաքական գործիչներուն։
Այսպիսով, մեր կեանքը կառուցուած է այնպիսի հանգամանքներու վրայ, զորս մենք ո՛չ ուսումնասիրած ենք, ո՛չ ալ ճանչցած կամ հասկցած։ Ճիշդ հոսկէ ալ ծնած է ու երթալով կ’ահագնանայ մեր անկախութեան ու պետականութեան «փուչիկը»։ Հաւակնելով ամենա-ամենային, չըմբռնելով միասնական նուիրումի, գիտակցուած ու համակարգուած տքնաջան աշխատանքի կարեւորութիւնը՝ մենք շարունակ բարբառած ենք, թէ մերը ամենալաւն է, ամենախելօքն է, ամենաուժեղն է… ամենա-ամենան է… Եւ այս «փուչիկը» փչած ենք թէ՛ անհատական, թէ՛ հանրային մակարդակներու վրայ: Ընթացքին յաճախ չենք իսկ նկատած, որ այս անիրական միջավայրին մէջ ոչ մէկ ձեւով չի կենսագործուիր մեր իրական հերոսին կերպարը, իսկ հանրութիւնը անհաղորդ կը մնայ մեր վիպերգական զօրաւոր «ամենա-ամենա»-ին։ Ահա թէ ինչո՛ւ այդ նոյն միջավայրին մէջ պետական ու հասարակական շահերը կը նոյնանան խմբային ու անձնական շահերուն։
Ճիշդ այս «փուչիկային» մտածողութեան պատճառով ալ մեր դիւանագիտութիւնը «դիւանի» վրայ նստելէն վեր չի բարձրանար, արտաքին գործերու նախարարութիւնը վերածուած է բիզնէս գործարքներ կնքող կամ դէպի աշխարհի յայտնի խաղատուներ ճամբորդութիւններ կազմակերպողի, իսկ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը՝ մարդ բռնող գրասենեակներու։ Ահա թէ ինչո՛ւ փորձութեան պահուն աննշան ծակոցէն իսկ կը պայթի պատրանքային պետական «փուչիկը»՝ բոլորս կանգնեցնելով կոտրած տաշտակի առջեւ։ Մենք բոլորս քաջաբար կը գիտակցինք, որ փուչիկին վրայ ոչ ոք տուն կը կառուցէ, կ’երթայ պատերազմի, առաւել եւս՝ կը յա՛ղթէ։
Ահա այս անիրական տեղեկատուական վակուումին (դատարկութեան) կամ որ նոյնն է՝ ահաբեկումի մթնոլորտին մէջ ալ անցաւ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնը։ Զաւեշտը այն է, որ հիները ամէն ինչով կը մեղադրեն նորերուն, իսկ նորերը, բնականաբար, հիներուն՝ բացառելով գաղափարական քննարկումները եւ հաշուի չնստելով այլ՝ առողջ ուժերու հետ։ Ցաւալի է, որ ո՛չ հիները, ո՛չ նորերը այդպէս ալ չստանձնեցին մեղքի իրենց բաժինը, փոխարէնը ամէն կերպ նպաստեցին ամբարտաւանութեան չափաբաժնի, կեղտոտ ու հայհոյալից բառամթերքի աւելացման։
Կը կարենա՞նք ազատիլ այս ապիկար, դատարկ «փուչիկէն» եւ ստեղծել իրական, ազգային, յստակ տեսլական, առանց որուն կարելի չ’ըլլար համախմբել համայն հայութեան ներուժը, ապահովել մեր ազգային անվտանգութիւնը եւ զբաղեցնել մեր պատուաւոր տեղը քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ, ժամանա՛կը ցոյց կու տայ: Բայց չմոռնանք, որ ժամանակը չսպասեր…
Վանօ Դադոյեան