Արեւահովիտ

Հայոց արժեհամակարգային
միասնականութեան հարթակ

Հիմնական նպատակներն են՝ ձեւակերպել հայ ինքնութեան և անոր ժամանակակից
կերպարին նկարագիրը, բացահայտել եւ Հայաստանի ու արտերկրյա հայութեանը
լայնօրէն ներկայացնել դարերու ընթացքին ամբարուած հայկական լաւագոյն
արժէքները հոգեւոր, մտաւոր և նյութական մակարդակներում

Ստեղծման անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի ներկայի անկայուն և փխրուն վիճակը, ներքաղաքական լարուած միջավայրը և պատերազմի ողբերգական հետեւանքներու յաղթահարումը կը պահանջեն Հայաստանի և արտերկրի հայութեան մտաւոր ողջ ներուժի, մարդուժի, հնարաւորութիւններու արագ միաւորում և գործողութիւններու համակարգում։ Ահագնացած ներքին անհամերաշխութիւնը, անվստահութեան դրսեւորումները, արտաքին ուժերու ազդեցութեան խայտաբղէտ խճանկարը և պետական կառավարման կարեւոր հարցերուն մէջ անվճռականութիւնը ա՛լ աւելի կը բարդացնեն իրավիճակը՝ լրջօրէն վտանգելով հայ ժողովուրդի և Հայաստանի ներկան ու ապագան։ Անկախութեան հռչակումէն ի վեր արձանագրուած անկումէն և ներկայիս աղէտալի վիճակի պատճառ դարձած յատկապէս հայկական լաւագոյն աւանդոյթներու, կրթական և հոգեւոր-մշակութային արժէհամակարգի խեղաթիւրումը և արժէհամակարգային առանցքի բացակայութիւնը: Արժէհամակարգի բացակայութիւնը գործնականին մէջ քայքայեր ու բովանդակազրկեր է հայկական կեանքի բոլոր ոլորտները՝ ընդգրկելով պետական մտածողութիւնը և պետութեան կառավարումը, արտաքին քաղաքականութիւնը, բանակը, գիտութիւնը, կրթական, առողջապահական համակարգերը եւ այլն: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հրատապ դարձած է Հայաստանի եւ արտերկրի հայութեան միջեւ համագործակցութեան և արագ արձագանգման օրակարգի ձեւաւորումը, քաղաքական, գիտական, տնտեսական, մասնագիտական եւ այլ ուժերու համադրումն ու նպատակային կիրառումը։

Նպատակները

Ներկայ անկայուն ու պայթունավտանգ իրավիճակէն դուրս գալու համար «Արեւահովիտ»ը կ’առաջարկէ ձեւաւորել հիմնարար և երկարաժամկէտ օրակարգ՝ համահայկական առողջ ուժերու համադրմամբ։ «Արեւահովիտ»ի մասնագիտական եւ միւս բոլոր մարդուժը ուղղուած են նպաստելու հայութեան հոգեւոր-մշակութային զարգացման հեռանկարային լուծմանը՝ հիմնուելով պատմականօրէն ձեւաւորուած, սակայն ներկայիս մոռցուող ազգային արժէհամակարգի վերականգնման, տարածման և մարդու նոր կերպարի ընկալման սկզբունքներու վրայ: Այս ծայրայեղ անհրաժեշտ քայլ է հայութեան, հայոց պետականութեան պահպանման ու ապագայի կերտման տեսանկիւնէն եւ նպատակ ունենալով աջակցելու Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու զարգացմանը: Ցաւօք, այս առումով մենք վտանգաւոր ձեւով հետընթաց ապրեր ենք: «Արեւահովիտ»ը նաեւ պիտի զբաղուի Հայաստանի և արտերկրի հայութեան կարեւորագոյն խնդիրներու վերագնահատմամբ, հոգեւոր-մշակութային արժէչափերու վրայ հիմնուած համագործակցութիւններու խրախուսմամբ և հանրային լայն իրազեկմամբ: ՀԱՄ Հարթակը կարեւոր կը նկատէ նաեւ միջազգային հայագիտական կեդրոններու հետ համագործակցութիւնը, որու միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներու փոխանակումը եւ անոնց համախմբումը նոյն գիտահենքի առանցքի շուրջ։

Գործունէութեան սկզբունքները

«Արեւահովիտ»ը պիտի գործէ վերկուսակցական և վերխմբային սկզբունքով, տուրք չտալով հատուածական շահերուն՝ հանուն հայկական պետականութեան կայացման ու հզօրացման, ազգային միասնական հանրութեան ձեւաւորման, հայ ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային արժէհամակարգի վերականգնման։ Այս հարթակ մըն է, որ կը տրամադրուի Հայաստանի ապագայի, արտերկրի հայութեան խնդիրներու և հոգեւոր-մշակութային զարգացման հարցերով մտահոգ, եւ իրենց հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցութեան պատրաստակամութիւն ունեցող անհատներու, կազմակերպութիւններու, խումբերու՝ պարզապէս ազատ խօսելու, քննարկելու, իրավիճակի վերաբերեալ գնահատականներ տալու և ամենակարեւորը՝ միասնական լուծումներ առաջարկելու, իրականացնելու, լոբբինգի և աջակցութեան այլ քայլեր կազմակերպելու համար։ Գործունէութեան ընդլայնման եւ աշխուժացման հետզհետէ աճի հետ մէկտեղ «Արեւահովիտը» կը վերածուի հետազօտական, համակարգային բարեփոխումներու եւ գործնական համագործակցութեան համազգային խիստ անհրաժեշտ կեդրոնի: «Արեւահովիտ»ն ունենալու է բազմազան ձեւաչափ և բազում գործառոյթներ: Հարթակը կը կազմակերպուին թեմատիկ խորհրդաժողովներ, աշխատանքային խումբերու քննարկումներ, սեմինարներ, հանդիպումներ բոլոր այն ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց կը յուզէ մեր երկրի ու ողջ հայութեան ապագան: Աշխուժօրէն կը կիրառուին հեռավար ZOOM, վիտէօ/ձայնային այլ ժամանակակից ճարտարագիտական հնարաւորութիւններ։ «Արևահովիտ»ի գործունէութեան հիմնական աշխատանքային միջավայրը կ’ըլլայ այդ նպատակով ստեղծուող համացանցային մասնագիտացուած կայքը (հաղորդակցման կեդրոնը՝ Hub-ը), որը կը ներառէ նորութիւններու, հաղորդագրութիւններու, տեսանիւթերու, կարեւոր հետազօտութիւններու արդիւնքներու, գործարար նոր համագործակցութիւններու, առաջարկներու, անոնց իրականացման ընթացքի, փաստաթուղթերու եւ իրաւական կարգաւորման գծով կարեւոր նիւթերու ստեղծման ու պահպանման հանրային մատչելի գրադարան: Ան կը ծառայէ նաեւ որպէս նոր գաղափարներու ընդհանրացման, ծանօթութիւններու հաստատման, գաղափարներու տարածման և իրացման, սխալներու կանխարգիլման հարթակ:

Մեր առաջնահերթութիւններն են՝

Հայու ինքնութեան ու մշակութային կերպարի ամբողջական պատկերի վերհանում լուսաբանում եւ հանրայնացում

Բարոյահոգեբանական մթնոլորտի փոփոխման եւ համայն հայութեան միասնական ու գործուն նոր հանրութեան ձեւաւորմանը նպաստող արժէհամակարգային ձեւի հանրայնացում տարբեր հարթակներու վրայ

Հայագիտական հին ու նորայայտ տուեալներու համադրում, անոնց շուրջ մասնագիտական քննարկումներու, գիտաժողովներու կազմակերպում, տարաբնոյթ նիւթերու հրատարակում ու տարածում

Մշակութային, գիտակրթական նորովի հայեցակարգերու մշակում, համապատասխան օրէնսդրական դաշտի ընդունման համար հիմքերու նախապատրաստում

Սփիւռք - հայրենիք նոր որակի գործնական կապերու ու զարգացող հնարաւորութիւններով վաճառականութեան խթանման համար հնարաւորութիւններու ստեղծում

Առանցքային բաժինները

1002792_10151515929248354_469993487_n

Վանօ Դադոյեան

Ազգային հոգեւոր մշակոյթը

Ազգային հոգեւոր մշակոյթը հիմնուած է սրբազան աւանդոյթի և խորհրդապաշտական խոր գիտելիքներու վրայ, որոնք արտացոլուած են մշակութային տարաբնոյթ շերտերու մէջ և կը ներառեն աստուածային ու մարդկային ողջ իրողութիւնը։ Անհատի ու հասարակութեան շարունակական զարգացմանը զուգընթաց, յատկապէս պատմական նշանակութիւն ունեցող խոշոր յայտնագործութիւններէն յետոյ, այդ գիտելիքներու նոր շերտերը բացայայտելու, լուսաբանելու և տարածելու անհրաժեշտութիւնը կ’առաջանայ: Եւ միայն համակարգուած մօտեցման ու ողջ մշակութային ժառանգութեան հիմնարար ուսումնասիրութեան շնորհիւ հնարաւոր է ճիշդ ներկայացնել մշակութային իրողութիւններու ամբողջական պատկերը անհատական ու հանրային մակարդակներու վրայ։ Հանգամանքներու բերումով, այս առումով մեր ազգը շուրջ չորս հարիւր տարուան բաց մը ունեցեր է՝ կորսնցնելով բարձրագոյն հոգեւոր կրթական․․․

Մեր գործընկերները